Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ երիտասարդ Պետիկ Օղկասեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի ընկերներէն։
Կը նշուի, որ հանգուցեալը 2 օր առաջ անհանգստացած եւ փոխադրուած է «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան հիւանդանոց, ուր այսօր կնքած է իր մահկանացուն։
Լիբանանեան MTV Lebanon կայանը, Պետիկի մահուան լուրէն ժամ մը անց կատարած է կարճ լրատւութիւն մը, նշելով, որ Պետիկ Օղկասեան վարակուած էր «Քորոնա» վարակով , որուն հետեւանքով ալ մահացած է։
Կայանը նաեւ կը հաղորդէ, որ Օղկասեան կը տառապէր այլ անհանգստութիւններէ։
Կայանին հաղորդումով Պետիկ Օղկասեանի մահով Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով մահացածներուն թիւը կը բարձրանայ 6-ի։
Յիշեցնենք, որ հանգուցեալը հայր էր 2 զաւակներու։