Մինչ աշխարհի տարածքին հայ ժողովուրդը մեծ շուքով նշեց Հայկական Ցեղասպամութեան 109րդ ամեակը, հայրենի հայութեան մէկ խիզախ հատուածը գոյութենական նոր պայքար կը ծաւալէր ընդդէմ նո՛յն՝ թուրք-ազրպէյճանական թշնամիին, յանուն՝ հայրենի Տաւուշի փրկութեան։
19 Ապրիլին Հայաստանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայատարարեցին իրենց որոշումը՝ Տաւուշի մարզի չորս սահմանամերձ գիւղեր յանձնելու Ազրպէյճանին՝ անգամ մը եւս միակողմանի զիջումներու ճամբով տեղի տալով Ազրպէյճանի հայակործան միտումներուն ու քաղաքականութեան։
Տաւուշի մեր խիզախ հայրենակիցները արդէն երկու շաբաթ է ոգի ի բռին կը պայքարին իրենց հայրենի հողը պահելու համար՝ կազմակերպելով ցոյցեր, փակելով ճանապարհներ եւ իրազեկման ու պայքարի կոչ յղելով համայն հայութեան։
Տաւուշցիներու ուղերձը յստակ է. Տաւուշի մարզէն միակողմանի զիջումներ կը վտանգեն ամբողջ Հայաստանի ապահովութիւնը։ Արդարեւ ռազմավարական հսկայական նշանակութիւն ունեցող այս տարածքներու յանձնումով, խոցելի կը դառնայ Հայաստանի պաշտպանութեան ամբողջ համակարգը, կը վտանգուի Հայաստանը մատակարարող հիմնական կազատարը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Վրաստան միջպետական մայրուղին։
Աւելի՛ն, բոլոր զարգացումները կը յուշեն, որ այս միակողմանի զիջումները պիտի խթանեն հողային նոր պահանջներ։ Արդարեւ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս պահանջած է հաստատումը այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին, եւ տակաւին այս շաբաթ Ազրպէյճանի մէջ պաշտօնապէս հիմը դրուեցաւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» (եզր մը որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը գործածեն ներկայ Հայաստանի ամբողջ տարածքի մասին) հեռատեսիլի կայանին, որուն նպատակն է նիւթեր սփռել «գրաւեալ արեւմտեան Ազրպէյճանի» մասին։
Թշնամիին յարձակողական միտումները անզիջողական են։ Եւ ուրեմն այդպէս պէտք է ըլլայ նաեւ մեր պայքարը։
Դէ՛մ ենք Հայաստանի իշխանութիւններու զիջողական, պարտուողական քաղաքականութեան։
Կը հաստատենք մեր միահամուռ զօրակցութիւնը Տաւուշի հայրենակիցներուն եւ հայրենիքի փրկութեան անոնց պայքարին։
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
4 Մայիս 2024