Նոյեմբերի 21-ին երեք օր որոնումներից հետո գտնվել է սիրիական բանակի հայ զինծառայող Հակոբ Տեր-Ղազարյանի դիակը: Այս մասին գրել է PERIO NEWS-ը ֆեյսբուքյան իր էջում.
«Այսօր, 21 նոյեմբերին, երեք օրուան պրպտումներէ եւ քնութիւններէ ետք ի յայտ եկաւ, սուրիական բանակի մէջ ծառայող հայ զինուոր՝ Յակոբ Տէր Ղազարեանի դիակը:
17 նոյեմբերին, Զինեալ ընդիմադիրներու կողմէ ականի թիրախ դարձաւ Դամասկոսի Հարասթա շրջանին մէջ գտնուող զինուորական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը՝ բանակի զինուորական կառքերն ու հրասայլերը վերանորոգելու վարչական երկու շէնքերը:
Նշենք, որ պայթումին հետեւանքով կեդրոնի երկու շէնքերը ամբողջութեամբ փուլ գալով պատճառած էր տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ:
Կարգ մը զոհերու ինքնութիւնը յստակացած էր, սակայն տակաւին կան դիակներու բեկորներ, որոնց պատկանելիութիւնը «Տի. Էն. Էյ.» քննութիւններուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ բացայայտել, հետեւաբար երեք օրուան պրպտումներէ եւ քնութիւններէ ետք ի յայտ եկաւ, որ զոհերու կարգին է սուրիական բանակի մէջ ծառայող հայ զինուոր մը՝ 14 սեպտեմբեր 1988-ի ծնունդ Յակոբ Տէր Ղազարեան:
Արձանագրուած զոհերու դիակները անճանաչելի ըլլալու պատճառով է, որ կ՛ուշանայ զոհերու ինքնութիւնը ի յայտ բերել (PERIO NEWS)», - ասված է գրառման մեջ: