Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ին, Կաթողիկոսարանիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ Հայրապետական Մաղթանքի կատարումով, ինչպէս նաեւ՝ մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսութարանից։ 

Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան իր յաւուր պատշաճի քարոզը նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան ամեակին ու միաբանութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին աղօթքներուն եւ բարեմաղթութիւններուն թարգմանը դարձաւ՝ «ակա՛նջ դիր, Տէ՛ր, իմ աղօթքիս, նկատի՛ առ բարձրաձայն խնդրանքներս» հայցելով Տիրոջմէն։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, Հայրապետական թափօրն ու հաւատացեալները ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր Դպրեվանքի սանուց կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը տեղի ունեցաւ։

Յանուն միաբանութեան ուղերձ ընթերցեց Ս. Աստուածածին Վանքի վանահայր Գերապատիւ Տէր Շնորհք Ծայրագոյն Վարդապետ Աշըգեան։ Ան անհուն ուրախութիւն եւ խոր բերկրանք արտայայտեց Հայրապետին՝ կաթողիկոսական օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով։

Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը եւ ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց քարոզիչ սրբազանին եւ հայր սուրբին ազնիւ ու գեղեցիկ խօսքերուն համար եւ ընդգծեց, որ մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն կատարուող Հայրապետական Մաղթանքը, Հայրապետին անձէն ու գործէն անդին, նաեւ ուղղուած է Հայրապետութեան, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Հայրապետն ու Հայրապետութիւնը տարբեր իրականութիւններ չեն, այլ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն։

Հայրապետական պատգամին յաջորդեց «Կիլիկիա» օրհներգը, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը արտասանեց «Պահպանիչ» աղօթքը եւ «Հայրապետական մաղթերգ»երով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։