Քեսապի վերջին դէպքերը լայն հաւանականութիւններով լեցուն են, եւ գալիք շրջանը կրնայ համարուիլ կարեւոր: Անթաքոյց է, որ Թուրքիան մի քանի հարց լուծեց Քեսապի, այսպէս ըսած, Սուրիացի ընդդիմադիրներուն միջոցաւ գրաւումով: Անկախ ներ-թուրքական քաղաքական շահերու լարախաղացութեան, ամենակարեւորը աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան մէջ Թուրքիան իր քարերը բերաւ, ի տես Ռուսիոյ դիրքերու ամպրապնման Քրիմի մէջ: Թուրքիոյ հայկական գործօնի շահագործումը նոր չէ եւ այս պարագային կրնայ դրսեւորուիլ երկու մակերեսներով.

 

1.Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին դիրքեր ամպրապնդել միջազգային բեմին վրայ եւ մանաւանդ սփիւռքահայութեան սիրաշահելու իր քաղաքականութեան մէջ. Քեսապը շահագործել իբրեւ բարեսիրական միջնորդութեան վայր ծայրահեղականներուն եւ իր մէջ բաժնելով դերեր, որոնք ետքը իբրեւ «քաղաքակիրթ եւ յառաջադէմ»լուծումներով կրնան թրքական տարազը հագուիլ:

 

2.Սուրիոյ պատերազմին մէջ հայերուն վերապահուած ցարդ յարաբերական չեզոքութիւնն ու անխոցելիութեան աստիճանը շրջել, Քեսապի տեղահանուած հայութեան եւ ընդհանուր ՀՀ-ի ու հայութեան կողմնորոշումը դասակարգելով իբրեւ բարձր կողմնակից ու դաշնակից Սուրիոյ իշխանութիւններուն: Բնականաբար, հայ քաղակաքան պաշտօնական միտքն ու գործունէութիւնը դէմ հանդիման են նոր խմորումներու, մանաւանդ Ռուսիա-Արեւմուտք յարաբերութիւններու սրման ենթահողով: Զուգահեռաբար Քեսապի վերջին իրադարձութիւնները (չմոռնանք Քեսապը իբրեւ Ցեղասպանութեան վկայութեան հաւքական բնակավայր) ահազանգային կրնան համարուիլ Հայութեան ու նոյնինքն Հայաստանի համար: Տեսնել Թուրքիոյ ազդեցութեան ընդլայնումը ի գին հայկական վերջին վկաներէն մէկուն մեծ անթոյլատրելի է (պէտք չէ անտեսել Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ու Ազրպեճանի ուղղուած յստակ պատգամները Թուրքիայէն, ըլլան անոնք բարոյահոգեբանական եւ թէ ռազմական): Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու հայ ժողովուրդը իբրեւ իրաւացի տէր ու ժառանգորդ հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման թղթածրարին ամէն պարագայի այս վերջին դէպքերէն վերջ, Քեսապի թղթածրարը պէտք է տանին այնտեղ, ուր Թուրքիան կանգնի աւելի մեծ պատասխանատուութեանց դիմաց:

 

Քեսապի դուռերու կղպանքները կրկնօրինակն են արեւմահայաստանի դուռերու կղպանքներուն ու ինչքան ալ Հայաստանը չէ հանդիսացած որպէս Արեւմտահայաստանի իրաւաժառանգ, բայց ներկայ միջազգային յարաբերութիւններու քամիներուն հետ եւ ինչպէս որ Թուրքիան Ղրիմի թաթարներուն եւ ուրիշ վայրերուն մէջ թուրքմաններու հովանաւոր հանդիսանալու կեցուածքներ կը պարզէ, նոյնպիսի եւ աւելի բարոյական ու իրաւական հիմքով Քեսապը Հայաստանի համար միջազգային բեմին վրայ «վերադարձի» լայն ճամբայ կրնայ հանդիսանալ ամբողջական հայ դատի թղթածրարով: